2016-11-20 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները` ողորմութեան ս. տարուայ փակման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 19 նոյեմբերին, Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուան փակման արարողութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը զօդուած է այն ողորմածութեան զոր մենք կը ցուցաբերենք մերձաւորին։

''Մեզի հանդէպ ցուցաբերուած Աստուծոյ ողորմութիւնը զօդուած է մեր ողորմածութեան` զոր կը ցուցաբերենք մերձաւորին'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մինչ Կիրակի` 20 նոյեմբեր 2016-ին,  Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուան փակման արարողութեան  առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց զանազան թուիթներ որոնցմէ առաջինին մէջ նշեց.

''Թող որ Ողորմութեան Յոբելեանը որ այսօր կ՛եզրափակուի, շարունակէ  պտուղներ շնորհել հաւատացեալներու սրտերուն ու անոնց գործերուն ընդմէջէն''

իսկ երկրորդ թուիթի մը մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց.

''Այսօր կը փակենք Սուրբ Դուռը, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ մեզի պարգեւած ըլլալուն համար շնորհքի այս արտակարգ ժամանակը''։

 

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրապարակեց երկու այլ թուիթներ որոնց մէջ գրեց

''Բոլորին` հաւատացնելներ ու հեռու գտնուողներ, թող հասնի ողորմութեան բալասանը, որպէս նշան Աստուծոյ Արքայութեան` որ արդեն ներկայ է մեր մէջ''։

Հուսկ երեկոյեան հրապարակած թուիթի մը  մէջ գրեց.

''Եկեղեցին, համայն մարդկութիւնը ու հսկայական տիեզերքը յանձնենք Տիրոջ` որպէսզի իր ողորմութիւնը զեղէ բոլոր արարածներուն վրայ''

 








All the contents on this site are copyrighted ©.